ԲՈԼՈՐ ՆՅՈՒԹԵՐԸ
Փոխանակ քննադատելու, մեղադրելու և ողբալու, հարկ է միասնաբար գործել ու պայքարել. Արամ Ա 08/18/2024 17:50 | ԼՐԱՀՈՍ
Նախօրեին մեծ թվով հավատացյալներ են բարձրացել Սուրբ Աստուածածին Վանք, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեափառ Հայրապետի նախագահությամբ, Սրբոց Նահատակաց բացօթյա խորանի մոտ ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսյանը։ Հայտնում են Կիլիկիայի կաթողիկոսարանից:
«Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը Ուխտի Օրն է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին, որ ամէն տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի՝ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ։
Այս տարի, Շաբաթ 17 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, հաւատացեալներ հոծ բազմութեամբ բարձրացած էին Սուրբ Աստուածածին Վանք, ուր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեափառ Հայրապետին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբանական թափօրը բարձրացաւ խորան եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութեան կարգը։ Յետ արարողութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր պատգամը։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հետեւեալ երեք հրամայականներուն վրայ.
Առաջին. աղօթքի հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Աղօթքը, որեւէ կրօնքի պարագային, առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է այդ կրօնքին հետեւող հաւատացեալներուն։ Ի՞նչ է աղօթքը։ Աղօթքը, պարզ հասկացողութեամբ, անհատին եւ Աստուծոյ միջեւ յարաբերութիւն է։ Աստուած ի՛նքն է ստեղծիչը կեանքին՝ իր բանական, կենդանական եւ կենսոլորտային արտայայտութիւններով։ Արդ, Ստեղծիչին եւ ստեղծեալին միջեւ յարաբերութիւնը էական է եւ այդ յարաբերութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել։ Ան սիրով, երախտագիութեամբ ու հաւատարմութեամբ ամրացուած յարաբերութիւն է։
Աստուածաշունչը կարեւորութեամբ կը շեշտէ աղօթքին դերը մարդու կեանքին մէջ։ Նոր Կտակարանը յատկապէս, այնքան յստակութեամբ կը թելադրէ՝ ըսելով «մտի՛ր սենեակդ, ծածուկ կերպով աղօթէ, մի՛ շատախօսեր, խնդրանքներու երկար ցանկ մը մի՛ ներկայացներ Աստուծոյ»։ Աստուած գիտէ մեր դժուարութիւնները։ Եւ, տակաւին, Ան կ՚ըսէ՝ իրարու համար աղօթեցէք, մի՛շտ աղօթեցէք։ Արդ, քրիստոնեան հարկ է աղօթէ իր Ստեղծիչին շնորհակալութիւն յայտնելու՝ իրեն շնորհած կեանքին, յաջողութեան ու երջանկութեան համար։ Աստուած ծանօթ է մեզմէ իւրաքանչիւրի դժուարութիւններուն ու յաջողութիւններուն, սխալներուն ու գործերուն։ Հետեւաբար, աղօթքը սպասումներու արտայայտութիւն ըլլալէ աւելի պէտք է դառնայ աղերսանքի ու շնորհակալութեան առիթ։ Մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին պէտք է դառնանք Աստուծոյ եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք մեզի շնորհած բարիքներուն համար։ Ա՛յս է աղօթքին իմաստը։
Եկէք, հարց տանք մենք մեզի. Աստուած մեզի խօսեցաւ մարգարէներու ճամբով, մօտեցաւ Քրիստոսի ճամբով, նոյնիսկ խաչ բարձրացաւ մեզի համար. արդեօք մենք մօ՞տ ենք Աստուծոյ։ Աստուած միշտ պատրաստ է մեզ ընդունելու, ինչպէս ընդունեց անառակ որդին. արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք դառնալու Աստուծոյ։ Այսօր կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շրջապատուած ենք այնպիսի երեւոյթներով, որոնք մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ։ Յաճախ մեր ունեցած նիւթական, ֆիզիքական թէ մտային կարողութիւնները մեր կեանքը դարձուցած են ինքնաբաւ ու ինքնակեդրոն. երեւոյթ մը, որ մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ։
Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, Քրիստոսի ցոյց տուած ճամբէն քալել ու ճշմարտութիւնը ապրիլ։ Առաւօտուն, երբ կ՚արթննանք՝ աղօթե՛նք Աստուծոյ, որպէսզի մեր օրը բարիքներով ու յաջողութեամբ լեցուի։ Ճաշելէ առաջ՝ աղօթե՛նք, գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ Իր պարգեւած հացին համար։ Քնանալէ առաջ աղօթե՛նք, որովհետեւ Աստուած օր մը եւս շնորհեց մեզի՝ զայն ապրելու Իր փառքին համար։ Ուր աղօթական կեանք գոյութիւն չունի, հոն բացակայ է Աստուած։ Հետեւաբար, պէտք է աղօթքով կերտենք ու իմաստաւորենք մեր կեանքը՝ հեռու ամէն տեսակ ցուցական երեւոյթներէ։ Աղօթենք ուրիշին օգնելով, աղօթենք ուրիշին արցունքը սրբելով, կարիքաւորին հաց տալով, աշակերտին օժանդակելով։ Աղօթենք Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներն ու ճշմարտութիւնները մեր կեանքին մէջ կենսագործելով։
Երկրորդ. բարոյական դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Բարոյական դաստիարակութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Բարոյական դաստիարակութիւն ըսելով կը հասկնանք քրիստոնեայ մարդը աստուածաշնչական արժէքներով ու ուսուցումներով կերտել, անոր մէջ քրիստոնէութիւնը դարձնելով ո՛չ թէ պիտակ, այլ՝ կեանքի որակ։ Ուր բարոյական արժէքները ներկայ չեն, հոն բացակայ է նաեւ քրիստոնէութիւնը՝ որպէս կեանք, ճշմարտութիւն ու ճանապարհ։
Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս դարեր շարունակ հայութիւն ու քրիստոնէութիւն, կրօնք ու ազգ դարձած են մէ՛կ ու անբաժանելի ամբողջութիւն եւ այդ ամբողջութիւնը եղած է մեր ժողովուրդին համար հզօրութեան աղբիւր, գոյութեան կռուան, ստեղծագործական իրագործում։ Հետեւաբար, հայակերտում մեզի համար կը նշանակէ հայ մարդու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով կերտում։ Հայեցի դաստիարակութիւն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Բարոյական արժէքները մեզի համար սոսկ կրօնական բնոյթ չունին, այլ նաեւ անոնք ազգային խորք ու հէնք ունին։ Ա՛յս գիտակութեամբ ու յանձնառութամբ մեր եկեղեցին ծառայած է ու կը շարունակէ ծառայել։ Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ դպրոցը իր առաքելութիւնը կատարած է եւ պէտք է շարունակէ նոյն ոգիով։
Ներկայ ժամանակներուն, նաեւ հայ կեանքէն ներս, սկսած են թափանցել այնպիսի մտածելակերպեր ու կենցաղակերպեր, որոնք փաստօրէն հեռու են բարոյական արժէքներէն։ Ականջալուր կը դառնանք այնպիսի երեւոյթներու, նոյնիսկ մեր ընտանիքներէն ներս, որոնք մեր զաւակները կ՚առաջնորդեն սխալ ուղղութեամբ եւ մեր ընտանիքներուն ազգային ու կրօնական նկարագիրը աղարտել։ Դժբախտաբար, ճարտարագիտութիւնը, իր զանազան միջոցներով, սկսած է արժէքներ փճացնել, ինքնութիւններ քանդել, աւանդութիւններ խաթարել։ Ընկերային, սեռային ու փոխ-յարաբերական կեանքին մէջ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն խոտոր համեմատող երեւոյթներ սկսած են ի յայտ գալ մեր նոր սերունդին մօտ։ Այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց մենք կրնանք պայքարիլ բարոյական դաստիարակութեան վերաշխուժացումով ու վերակազմակերպումով։ Այս ծիրէն ներս, բնականաբար մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը նոր ժամանակներու յատուկ շեշտաւորումով։ Այս ուղղութեամբ հրամայական կը նկատենք թէ՛ հայ դպրոցին եւ թէ՛ մանաւանդ հայ ընտանիքին վիճակուած դերը։
Յաճախ շեշտած ենք, թէ հայ ծնողքը իր զաւակներուն առաջին եւ մնայուն դաստիարակն է։ Այսօր, երբ մեր զաւակները բջիջային հեռաձայններու եւ հեռատեսիլի անմակարդակ ժապաւէններու ճամբով հաղորդ կը դառնան այնպիսի երեւոյթներու, որոնք իրենց մէջ կը քանդեն բարոյական ամէն տեսակ արժէք ու հասկացողութիւն։ Ներկայ ժամանակներու չարիքներուն դիմաց, ծնողքին դաստիարակիչ դերը կը դառնայ աւելի՛ կենսական։ Ամէն գնով պէտք չէ արտօնենք, որ անբարոյ երեւոյթներ ու կենցաղակերպեր մուտք գործեն հայ կեանքէն ներս։ Այս ուղղութեամբ նաեւ կենսական կը նկատենք հայ դպրոցին դերը։ Ճիշդ է, հայ դպրոցին դասացուցակները այսօր խճողուած են պետական քննութիւններու ու վկայականներու պարտադրանքով, սակայն ջերմօրէն կը թելադրենք մեր դպրոցներուն, որ առիթ գտնեն ու ազդու միջոցներ ստեղծեն կրօնական ու ազգային արժէքներով դաստիարակելու մեր զաւակները։ Եւ սա կարելի է ու անհրաժեշտ։ Արդարեւ, եկեղեցի-ընտանիք-դպրոց միացեալ, կազմակերպ ու ներդաշնակ գործակցութեամբ կարելի է նոր ժամանակներու համապատասխան միջոցներով վերաշեշտել բարոյականական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նոր սերունդին մօտ։
Երրորդ. մարդուժի պատրաստութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ներկայ տարին հռչակեցինք «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»։ Այս շրջագծէն ներս Հայրապետական հռչակագրով պարզեցինք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մարդուժի տագնապը եւ զայն դիմագրաւելու միջոցները։ Չենք ուզեր նոյնը կրկնել սա պահուն, սակայն կ՚ուզենք այս ուղղութեամբ հետեւեալ շեշտաւորումները կատարել.- մարդուժը ընկերութեան արիւն ներարկող աղբիւր է. երբ այդ արիւնը սկսի պակսիլ, ընկերութիւնը կրնայ կորսնցնել իր որակը, ինքնութիւնը եւ նոյնիսկ գոյութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ մարդուժի տագնապին։ Այսօր մարդուժի տագնապ գոյութիւն ունի մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ ամէն տեղ։ Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը։ Փաստօրէն, քահանաներու, սարկաւագներու, դպրապետներու պակաս կայ այսօր ամէն տեղ. նոյնպէս՝ տնօրէններու ու ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գրողներու, խմբագիրներու եւ կարելի է շարքը շարունակել։ Այլ խօսքով, մեր կեանքը աւելի կազմակերպող, ծաղկեցնող, բարգաւաճ պահող պատրաստուած ու կազմաւորուած մարդու պակասը աւելի քան երբեք զգալի է ամէն տեղ։ Իրողական այս կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ։ Այս կացութիւնը պէտք է քննենք, ախտաճանաչում կատարենք։ Ինչո՞ւ այս տագնապը։ Երբեմն մարդուժը հեռացած է մեր կեանքէն, երբեմն՝ անտեսուած։ Ինչո՞ւ մեր կառոյցները անհրաժեշտ հոգածութիւնը ու յանձնառութիւնը ցոյց չեն տուած մարդուժի պատրաստութեան կամ նոյնիսկ ներկայ մարդուժին նկատմամբ։ Այս հարցադրումները անհրաժեշտ են անկասկած, սակայն, այս բոլորէն անդին, հարկ է հաւաքաբար մտածել ու ծրագրել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել։ Այս հարցումին պատասխանը պէտք է փնտռէ իւրաքանչիւր կառոյց՝ իրեն յատուկ միջոցներով ու մօտեցումներով։ Հաւաքական պատասխանատուութեան մը դիմաց ենք եւ իւրաքանչիւր կառոյց պէտք է բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մօտենայ այս հարցին, որ փաստօրէն դարձած է ամէնօրեայ տագնապ։ Վերջապէս, սա կացութեան դիմաց ո՞ւր են բարձրագոյն ուսում ստացած մեր երիտասարդները։ Ըլլանք իրապաշտ. մասնագիտութիւն ձեռք կը ձգենք եկամուտ ապահովելու, ընտանիք կազմելու ու մեր ապագան տնտեսապէս ամուր հիմերու վրայ դնելու համար։ Անկասկած, սա կարեւոր է։ Սակայն մենք զաւակներն ենք մեծ ընտանիքի մը, որ մեր ազգն է, Հայրենիքն է, համայնքն է, եկեղեցին է, մեր կառոյցներն են։ Մեր մասնակցութիւնը ու ներդրումը մեր մեծ ընտանիքին հրամայական է։ Ա՛յս կը սպասեմ մեր երիտասարդ սերունդէն։
Հայրապետական պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ իր մատնանշած երեք կէտերը, որոնք այժմէական են ու էական, կարեւորութեամբ նկատի առնուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Ան նաեւ շեշտեց, թէ «փոխանակ քննադատելու, մեղադրելու եւ ողբալու, հարկ է միասնաբար գործել ու պայքարիլ՝ մեր սխալները ուղղելու, մեր թերութիւնները սրբագրելու եւ մեր կեանքը աւելի կազմակերպելու ու ծաղկեցնելու համար ազդու միջուցներու դիմելու»։
Հարակից հրապարակումներ`
Տեսանյութեր
10/07/2024 12:08 Աբովյանը 61 տարեկան է. Ծառուկյանն ասում է՝ այն իր ամենասիրելի քաղաքն էՏեսադարան
09/02/2024 10:55 Սեպտեմբերի 2-ը Արցախի Հանրապետության հռչակման օրն էՄամուլ
- 11/21/2024 08:33 Հաջորդն ովքեր են SMS ստանալու․ «Հրապարակ»
- 11/21/2024 08:30 Ո՞վ է Դիմել Քյարամյանին՝ Աղազարյանի որդու քրգործով. հայտնի են անուններ. բացահայտում. «Ժողովուրդ»
- 11/21/2024 08:26 Փաշինյանը կանանց տեսակարար կշիռն ավելացրել է իշխանությունում․ «Հրապարակ»
- 11/21/2024 08:23 Անդրանիկ Քոչարյանն ու Սիսակ Գաբրիելյանը թեժ վեճ են ունեցել. ներթիմային գզվռտոցը շարունակվում է. «Ժողովուրդ»
- 11/21/2024 08:21 Ինչպե՞ս են պատրաստվում այս իշխանությանը զրկել ապագայում մանդատ ստանալու հնարավորությունից. «Փաստ»
- 11/21/2024 08:17 Փաշինյանը թիմակիցներից մի քանիսին էլ է ուղարկել արյան անալիզ հանձնելու․ «Հրապարակ»
- 11/21/2024 08:14 ՔՊ պատգամավոր Զեյնալյանը հեռացել է անարդարության խոր զգացումով. «Ժողովուրդ»
ՓԱՍՏԱԹՂԹԵՐ
- 09/27/2024 20:29 Միջպետական սահմանների՝ աշխարհագրական առումով ճշգրտման հարցերը գործադիր իշխանության իրավասության տիրույթում են. հրապարակվել է ՍԴ որոշումը
- 09/02/2024 15:38 Հրատապ. Հրապարակվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև պետական սահմանի սահմանազատման և սահմանային անվտանգության հարցերով հանձնաժողովների համատեղ գործունեության մասին կանոնակարգը
- 03/31/2019 21:34 ԱԺ են ուղարկվել Պաշտպանի 2018 թվականի տարեկան հաղորդումը և զեկույցը
- 03/21/2019 15:23 Դավիթ Սանասարյանն իր գործունեությամբ չի նպաստել զբաղեցրած պաշտոնի նկատմամբ վստահության եւ հարգանքի ձեւավորմանը. Եզրակացություն
Հարցազրույց
- 10/22/2024 20:14 Միշտ ամեն բան ուշացած ենք անում, փոխանակ՝ նույն պահին հակադարձենք․․․
- 10/13/2024 20:44 Որևէ մեկը Անկախության մասին հռչակագիրը այլաբանորեն չէր դիտարկի իբրև իր զավակին խժռող ծնողի, եթե չլիներ Երկիրը խժռելու պատրաստ թշնամու սպառնալիքը
- 10/11/2024 18:53 Ոչ թե ազարբայջանցիները, այլ մենք՝ հայերս ունենք վերադարձի խնդիր ՝ Շահումյանից ու Գետաշենից մինչև Արցախ․․․
- 10/03/2024 12:57 Տարածաշրջանի վրա ազդեցություն ունեցող երկրները պետք է ավելացնեն ճնշումն Ադրբեջանի վրա. Դավիթ Վարդանյան
Մեկնաբանություն
- 11/21/2024 15:05 Հիմա նստած մտածում եմ․ լավ, բա Վահեին ինչի՞ հանեցիք գործից. Արսեն Բաբայան
- 11/21/2024 14:49 Երեք օրվա ընթացքում Ֆրանցիսկոս Պապին երկու անգամ ողջունելու հնարավորությամբ ինձ իսկապես օրհնված եմ զգում. Աննա Հակոբյան
- 11/21/2024 14:22 Ի՞նչ է անելու Թրամփը հայ-ադրբեջանական բանակցությունների փաթեթի հետ. Սարգսյան
- 11/21/2024 11:23 Ու հիմա ուզում եք պաչկեքով մեդալներ շահեք, սատանայական ծեսը Ծիծեռնակաբերդում կատարվեց. Տիգրան Քոչարյան
Արխիվ
Արտակարգ պատահարներ
- 11/21/2024 21:51 Արմավիրի մարզում տեսախցիկն արձանագրել է «BMW»-ի և ջերմաքարշ գնացքի բախումը. քննչական բաժինն ու ոստիկանությունն էլ պարզել են մահացածի ինքնությունը
- 11/21/2024 21:29 Վարորդը մահացել է, ուղևորները տեղափոխվել են հիվանդանոց
- 11/21/2024 12:58 Ավտոմեքենան բախվել է ջերմաքարշին. հայտնաբերել է այրված դի
- 11/21/2024 11:56 Փրկարարները ձիուն դուրս են բերել արգելափակումից
ԸՍՏ ՕՐԵՆՔԻ
- 03/08/2024 15:00 Զազրելի դեպք Հայաստանում. սեռական բռնության է ենթարկվել 2 տարեկան երեխա. մասնագետը մանրամասնում է՝ ինչպես պաշտպանել երեխաներին (տեսանյութ)
- 01/13/2024 20:29 Տեր Թոդիկի մեթոդները վաղուց չեն գործում. դաստիարակության ու բռնության նուրբ սահմանը (տեսանյութ)
- 01/13/2022 17:55 Ինչքա՞ն է կազմում երեխայի ծննդյան կապակցությամբ տրվող նպաստը
- 05/02/2021 17:57 Կարեւոր է իմանալ. Կարմիր գծերի համար տուգանելիս` տեղում արձանագրության կազմումն այլևս պարտադիր չէ
Անցուդարձ
- 11/21/2024 18:51 Նորվեգիայի թագաժառանգ արքայադստեր որդուն ձերբակալել են բռնաբարության մեղադրանքով
- 11/21/2024 17:22 Ասեղի պատճառով տղամարդու դեմքը մի քանի անգամով այտուցվել է
- 11/20/2024 23:11 Նյարդաբանը պատմել է մենության վտանգի մասին
- 11/20/2024 17:40 Կինը դպրոցական տղային դուրս է բերել սառցակալած գետից
Հետաքրքիր է իմանալ
- 11/20/2024 18:20 Կինը 9-ամյա տղային թողել է անտառում ու թաքցրել նրա հետքերը
- 11/19/2024 18:36 Մոսկվայի մարզում փոքրիկը ծնվել է ատամներով
- 11/15/2024 18:18 2024-ի ամենատարածված գաղտնաբառերի վարկանիշային ցանկը. այն կրկին գլխավորել է «123456»-ը
- 11/08/2024 17:20 Կայսերական պինգվինը 3400 կիլոմետր է անցել ու հասել Ասվտրալիա կերի հետևից